Մարդասիրական ոլորտի համաշխարհային առաջնորդները կոչ կ՚ընեն անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու՝ դադրեցնելու համար Արցախի մարդասիրական աղէտը
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան անդամները եւ համաշխարհային մարդասիրական համայնքի առաջնորդները հրապարակած են յայտարարութիւն մը՝ Արցախի մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ, որ կը սպառնայ վերածուիլ տարածաշրջանային լայնածաւալ մարդասիրական ճգնաժամի։ Լուրը կը հաղորդէ IDeA հիմնադրամի հանրային կապերու բաժինէն:
Միջազգային ճանաչում ունեցող իրաւապաշտպաններն ու խաղաղութեան գործիչները չափազանց մտահոգ են ի տես աշխարհի անտարբերութեան, եւ անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկելու կոչ կ՚ուղղեն.
«2022 Դեկտեմբեր 12-ին ազերպայճանական ուժերը փակեցին Հայաստանը Արցախին կապող ցամաքային միակ ճանապարհը՝ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքը: Մինչեւ շրջափակումը միջանցքը կ՚օգտագործուէր կենսական նշանակութիւն ունեցող պարագաներ, ներառեալ՝ սնունդ եւ դեղորայք հասցնելու համար: Այս շրջափակումը ինքնին կը ստեղծէ մարդասիրական աղէտ:
Դեկտեմբեր 13-ին, օգտուելով աշխարհի անտարբերութենէն, Ազերպայճան դադրեցուց նաեւ կազամատակարարումը, տեղւոյն բնակչութիւնը դէմ-յանդիման կանգնեցնելով ցրտահարութեան անմիջական վտանգի առջեւ:
Այժմ Արցախի մէջ ծաւալող իրադարձութիւնները մեզի կը յիշեցնեն Սրեպրենիցայի ողբերգութիւնը 1995 թուականին: Հազարաւոր մարդիկ զոհուեցան, երբ նմանատիպ գրգռութիւններու ժամանակին չարձագանգելը եւ միջազգային խաղաղապահներու ընդհանուր անգործութիւնը յանգեցուցին խաղաղ բնակչութեան զանգուածային սպանդի, որ հետագային ալ յայտնի դարձաւ իբրեւ Սրեպրենիցայի ցեղասպանութիւն: Այս է, որ տեղի կրնայ ունենալ Արցախի մէջ, մինչ կա՛ն աղէտը կանխելու միջոցներ։
Ազերպայճանական ուժերու գործողութիւնները եւրոպական մայրցամաքին մէջ՝ ցեղային զտումի, ցեղասպանութեան փորձ են, եւ անոնց պէտք է վերաբերիլ առանց ներողամտութեան: Միջազգային հանրութեան կողմէ արագ եւ միասնական արձագանգի բացակայութեամբ՝ Ազերպայճանի կառավարութիւնը պարզապէս կը համոզուի, որ կրնայ շարունակել գործել բացարձակ անպատժելիութեան պայմաններուն մէջ եւ իրենց գործողութիւններուն համար առանց որեւէ հետեւանքի:
Պատմութեան մէջ յայտնի են քանի մը օրինակներ, թէ ինչ հետեւանք կրնայ ունենալ զսպող գործիքակազմերու նմանատիպ վտանգաւոր բացակայութիւնը: Անոնցմէ քանի մը դէպքեր տակաւին թարմ եւ ցաւոտ են մեր յիշողութեան մէջ, ինչպէս 1994-ի Ռուանտայի ցեղասպանութեան ժամանակ թութցի ցեղախումբին ողբերգական ճակատագիրը:
Արցախի մէջ անյապաղ պէտք է կազմակերպուի միջազգային մարդասիրական օդային միջանցք` սննդամթերք եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ հասցնելով տեղւոյն բնակչութեան եւ տարհանելով անոնք, որոնց կեանքին վտանգ կը սպառնայ: Անոնց մէջ են նաեւ Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնի քանի մը հիւանդներ, որոնք կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ, եւ որոնց անհրաժեշտ է շտապ բժշկութիւն, որ շրջափակման պատճառով կարելի չէ պատշաճ կերպով տրամադրել։
Բոլոր անհրաժեշտ միջոցներով պէտք է վերջ տալ Արցախի անօրինական շրջափակման: Պէտք է վերականգնուի Արցախի կապը Հայաստանի եւ աշխարհի հետ: Հայերը այս հողին վրայ ապրած են հազարաւոր տարիներ եւ պէտք չէ ենթարկուին ցեղային զտման։
Միեւնոյն ժամանակ, քանի տակաւին ճամբան փակ է, մարդասիրական օդային փոխադրումները կրնան օգնել տեղւոյն բնակչութեան գոյատեւելուն: Ստեփանակերտի մէջ արդէն գործող օդակայան կայ, որ կրնայ օգտագործուիլ այդ նպատակով։ Սա որեւէ լրացուցիչ ջանք չի պահանջեր միջազգային հանրութենէն, բացի օդային միջանցքի ու անոր անվտանգութեան ապահովումէն:
Նմանօրինակ պարագայ մը յաջողութեամբ իրագործուած է 1948-ին, երբ Պերլինի ճգնաժամը սկսաւ, որ բաժնուած էր եւ կը վերահսկուէր դաշնակից ուժերուն եւ խորհրդային զօրքերուն կողմէ: Քանի որ Ստալին կը փորձէր մեկուսացնել քաղաքը եւ սովի մատնել բնակչութիւնը՝ զայն զրկելով սնունդէ, ջուրէ եւ ելեկտրական ուժանիւթէ, միակ կապը օդային միջանցքներն էին, որոնք կ՚օգտագործուէին ԱՄՆ-ու զօրքերուն կողմէ՝ բեռներ հասցնելու համար մեկուսացուած շրջաններ:
(…)
Մենք զուգահեռներ կը գծենք 1948-ի Պերլինի ճգնաժամին եւ այսօրուան իրավիճակին միջեւ, քանի որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք քաղաքական առաջնորդները սկսան օգտագործել՝ «Այլեւս երբեք» արտայայտութիւնը։ Թերեւս հաճելի է կրկնել այս արտայայտութիւնը, բայց այն այդպէս ալ կը մնայ զգացական մակարդակի վրայ, քանի տակաւին չկայ շօշափելի որոշ գործողութիւն՝ զայն գործադրելու համար: Արցախը կարելիութիւն է ամբողջ աշխարհի համար՝ կանխելու ժամանակակից ցեղասպանութիւնը, քանզի այդ չընելուն հետեւանքները չափազանց սարսափելի պիտի ըլլան նոյնիսկ դիտարկելու համար:
2022 Դեկտեմբերին Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները շատ պարզ բացայայտեցին Ալիեւի կառավարութեան իրական մտադրութիւնները՝ Արցախահայութեան նկատմամբ։ Փորձելով այդ բնակչութիւնը ուժով դուրս քշել իր հողէն եւ ձախողելով, կամ ինչպէս ինք ըսած է՝ «շան պէս հալածելով Արցախի բնակչութիւնը»՝ նախագահ Ալիեւ այժմ աւելի քան երբեք պատրաստ է զայն ենթարկելու ցրտահարութեան եւ սովի: Պէտք չէ ատիկա թոյլ տալ անոր, ո՛չ ալ կարելի է անոր տալ որեւէ իրաւունք ղեկավարելու Արցախահայութիւնը, քանի որ ան արդէն դրսեւորած է անոր մասին մտահոգութեան բացայայտ բացակայութիւն:
Հիթլերի օրինակը մի քանի նորագոյններու հետ միասին պէտք է սորվեցնէր մեզի, որ բռնապետերը կարելի չէ հանդարտեցնել: Անոնք կը հասկնան մի՛այն հաշուետու ըլլալու լեզուն։ Որքան արագ ըլլայ միջամտութիւնը, այնքան աւելի քիչ ուժ կը պահանջուի անոնց ծրագրերը տապալելու համար: Ապարդիւն է բռնապետին աղերսելը կամ համբերատար սպասելը, որ ան փոխէ իր միտքը․ ընդհակառակն, այդ կը քաջալերէ զայն՝ երկարաձգելու տառապանքը անոնց, զորս կը հալածէ: Նախագահ Ալիեւը պէտք է կանգնեցնել, եւ աշխարհի պատասխանատւութիւնն է վայրկեան առաջ այդ ընելը»:
Յայտարարութիւնը ստորագրած են.-
Ֆարթուն Ատան (2020 «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր, «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւանց կեդրոնի գործադիր տնօրէն),
Նուպար Աֆէեան («Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր, Flagship Pioneering ընկերութեան հիմնադիր եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն, «Moderna» ընկերութեան համահիմնադիր եւ նախագահ),
Ճամիլա Աֆղանի (2022 «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր, Խաղաղութեան եւ ազատութեան Աֆղանստանի կանանց միջազգային լիկայի նախագահուհի),
Մարկրիթ Պարանքիցէ (2016 «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր, «Խաղաղութեան խնամքի տան» (Maison Shalom) հիմնադիր),
Լորտ Արա Տարզի («Աւրորա» մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի նախագահ, Լոնտոնի կայսերական գոլէճի Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկի համաղեկավար),
Միրզա Տինայի (2019 «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր, «Օդային կամուրջ՝ Իրաք» կազմակերպութեան համահիմնադիր),
Պերնար Քուշներ («Աւրորա» մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի անդամ, «Առանց սահմանի բժիշկներ» կազմակերպութեան համահիմնադիր, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց եւ Առողջապահութեան նախկին նախարար), եւ շատ ուրիշներ։