Դեկտեմբեր 23-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով Մոսկուայի մէջ իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ «Ռուբէն Վարդանեանի գործունէութիւնը յանցաւոր արկածախնդրական բնոյթ կը կրէ, որուն վերջ պէտք է դրուի»։
Ան աւելցուցած է, որ Վարդանեան պէտք է անյապաղ լքէ Ղարաբաղը։
“Որքան շուտ այդ մարդը լքէ տարածաշրջանը, այնքան լաւ կ՚ըլլայ բոլորին համար. նախ եւ առաջ կը տուժէ տեղացի բնակչութիւնը։ Ան չի ձգեր, որ մարդիկ վերահամարկուին”,– յայտնած է ազերպայճանցի նախարարը, նաեւ պնդելով, որ նախքան Վարդանեանի գալը եղած են «դրական տեղաշարժեր, դրական շփումներ»։ Այդ շփումներու մասին Պայրամով մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած։