Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ Ստեփանակերտէն 4 ամսու հիւանդ երախան փոխադրուած է Երեւան

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան Ազերպայճանի կողմէ խափանման պատճառով, Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան «Արեւիկ» բժշկական կեդրոնին մէջ 4 ամսու հիւանդ պզտիկ մը քանի մը օրէ ի վեր ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէր։

Դեկտեմբեր 24-ին, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ փոքրիկը փոխադրուած է Երեւան։

Նշենք, թէ Կարմիր Խաչի Հայաստանի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունի հաղորդած է, թէ կողմերու համաձայնութեամբ, Կարմիր Խաչի կառքերը Երեւանէն վերադարձին իրենց հետ որոշ քանակի դեղեր կը հասցնեն Ստեփանակերտ։