Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Գրիգոր Մինասեան նշանակուած է Արդարադատութեան նախարար։ Ան ցարդ կը վարէր նոյն նախարարութեան մէջ նախարարի տեղակալի պաշտօնը:
Նշենք, որ Արդարադատութեան նախկին նախարար Կարէն Անդրէասեան պաշտօնէն ազատ կացուցուած էր այս տարուան Հոկտեմբերին, ապա ընտրուած՝ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ: