Ազերպայճանական APA գործակալութեան համաձայն՝ Դեկտեմբեր 27-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով յայտարարած է, թէ Հայաստանի հետ սահմանազատման աշխատանքներու ժամանակ 8 գիւղ պէտք է «վերադարձուի» (չակերտները՝ մեր կողմէ) Ազերպայճանին։
“Սահմանազատման գործընթացը, որքան ալ բարդ ըլլայ, պէտք է իրականանայ բանակցութիւններու միջոցով՝ բոլոր փաստաթուղթերու իրաւաբանական ուսումնասիրութեան զուգահեռ։
Պէտք է քայլ առ քայլ առաջ երթալ։ Այս համածիրին մէջ առկայ է 8 գիւղերու հարցը, ուր հարիւրամեակներ շարունակ Ազերպայճանցիներ բնակած են։ Այդ պատճառով այդ գիւղերը պէտք է վերադարձուին Ազերպայճանին”,– ըսած է ան։