Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ռիա նովոսթի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին, պատասխանելով լրագրողի հարցումին, թէ՝ արդեօք Ռուսաստան կը յուսա՞յ, որ յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստան եւ Ազերպայճան կը ստորագրեն խաղաղութեան պայմանագիրը, եւ արդեօք հոն կը նշուի՞ Արցախի կարգավիճակի հարցը, ըսած է.-
“Տրամաբանական պիտի ըլլար, որ այս հարցը ուղղուէր բանակցող կողմերուն, այսինքն՝ Պաքուին եւ Երեւանին։ Անոնք է, որ կը սահմանեն շփումներու ընթացքը եւ կ՚որոշեն ապագայ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութիւնը։ Ռուսաստան, որ թէ՛ Ազերպայճանի թէ՛ Հայաստանի հետ կապուած է ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններով, ամէն կերպ կ՚աջակցի այդ գործընթացին՝ այն ձեւով եւ ծաւալով, որով հետաքրքրուած են մեր ազերպայճանցի եւ հայ բարեկամները”։