Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանի շինծու «բնապահները» մէկ առ մէկ կը դիմակազերծուին

«Վան» հաւաքականութիւնը («Collectif Van») Թուիթըրի իր հաշիւին կատարած գրառումով կը հաղորդէ, թէ Բերձորի միջանցքը շուրջ 20 օրէ ի վեր փակելով Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը՝ աւելի քան 120 000 հոգի (30 000-ը՝ մանուկներ) պատանդ առած ազերպայճանցի շինծու «բնապահ»-ները մէկ առ մէկ կը դիմակազերծուին։ 

«Վան»-ի գրառման կցուած են նկարներ, որոնք ցոյց կու տան այդ «բնապահ»-ներէն մէկը ռազմական համազգեստով, ինքնաշխատ հրացանով։ Ենթական մասնակցած է 2020 Սեպտեմբերին Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ՝ Արցախի դէմ սանձազերծած պատերազմին։