Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնի նիստը
Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար, Տեղեկատուական կեդրոնի պետ Ռուբէն Վարդանեանի ղեկավարութեամբ Յունուար 3-ին տեղի ունեցած նիստին քննարկուած են՝ Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակման պայմաններուն տակ բնակչութեան առաջնահերթ կարիքներու ապահովման վերաբերող հարցեր:
Նշուած է, թէ առաջնհերթ կարիքներու ապահովման համար պետական պահեստի պաշարներէն որոշ ապրանքներ կը մատակարարուին խանութներուն: Վարդանեան ընդգծած է ապրանքներու համաչափ բաշխումի կարեւորութիւնը, որպէսզի բնակչութիւնը կարելիութիւն ունենայ հարկ եղածը ձեռք բերելու բոլոր խանութներէն:
Ստեղծուած կացութեան մէջ նախարարը շեշտած է նաեւ բնակչութեան հետ ուղղակի շփումներու անհրաժեշտութիւնը եւ յանձնարարած, որ Կեդրոնի անդամները Ազգային ժողովի երեսփոխաններու մասնակցութեամբ հանդիպումներ ունենան շրջաններու համայնքներուն հետ, բնակչութիւնը տեղեակ պահելու Արցախի իշխանութիւններու կողմէ իրագործուող քայլերուն մասին։ “Կարեւոր է, որ բնակչութիւնը հէնց առաջին ձեռքից իմանայ թէ՛ իրավիճակի, թէ՛ կատարուող աշխատանքների մասին: Դա կ՚օգնի նրանց աւելի լաւ հասկանալ իրավիճակը եւ անհրաժեշտութեան դէպքում, մասնակից լինել խնդիրների լուծմանը, ինչպէս նաեւ տուրք չտալ ադրբեջանական ապատեղեկատւութեան”,– յայտնած է Ռուբէն Վարդանեան: