Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Բնապահական պատրուակ

Ազերի թայմզ լրասփիւռը կը գրէ. «Ալպանիա, Արաբական միացեալ էմիրութիւններ, Ռուսաստան եւ Միացեալ Թագաւորութիւն խափանեցին Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին Ֆրանսայի առաջադրած յայտարարութեան քննարկումը»։ Այս առթիւ Եւրոպական Միութեան մէջ Ազերպայճանի դեսպան Վագիֆ Սատիքով շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք յիշեալ պետութիւններուն, նշած է. «Այսօր Ֆրանսան ճակատամարտ մը եւս կորսնցուց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին առջեւ, Լաչինի վերաբերեալ անոր կողմնակալ հայամէտ յայտարարութիւնը սուր հակազդեցութիւն յառաջացուցած ըլլալով Անվտանգութեան խորհուրդի միւս անդամներուն մէջ»։

Մէկ բան յստակ է, ուքրիանական պատերազմը երկարաձգուեցաւ մինչեւ Հարաւային Կովկաս, յա՛տկապէս Արցախի խնդրին գոյութեան պատճառով, ուր Ռուսաստան ունի ռազմական խոցելի ներկայութիւն։ Ազերպայճան բնականաբար դարձաւ Արեւմուտքի ռազմավարական գործընկեր, երբ Ռուսաստան սկսաւ իրանական անօդաչուներ գործածել Ուքրաինայի դէմ։ Ազերպայճան՝ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ռուսական ներկայութեան եւ Իրանի դէմ պայքարի յարգի գործիք դարձաւ, առաւել՝ տնտեսական գործընկեր ուժանիւթի գետնի վրայ։ Արեւմուտքի համար ռազմավարական ու տնտեսական նկատառումները աւելի ծանր կշռեցին, քան զուտ մարդասիրականը, ժողովրդավարականն ու մշակութայինը։ Եւ դժբախտաբար հայկական կողմին բաժին ինկած է մարդասիրական օգնութեան կանչը, մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան արժէքները։

Սեպտեմբեր 13-ի յարձակումէն ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը շատ աշխուժ արտաքին քաղաքականութիւն վարեց, որուն շնորհիւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց երկու նիստ, առաջինը նուիրուած՝ Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններուն վրայ Ազերիներու յարձակումին, երկրորդը՝ Ազերիներու կողմէ Բերձորի միջանցքի խափանման հետեւանքով՝ Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտին առաջքն առնելու։ Եթէ Հայաստանի վրայ յարձակումի պարագային պատերազմին առաջքը առնուեցաւ, Արցախի պարագային յառաջխաղացում չկայ։

Նկատելի է ազերական ռազմավարութեան խորամանկ փոփոխութիւնը, որ ռազմական գործողութիւնները լքելով, անցաւ բնապահական պահանջներու. խաղին օրէնքը փոփոխելով անակնկալի բերաւ հայկական եւ ռուսական կողմը. Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակումէն՝ անցաւ բնապահական պատրուակով Արցախի շրջափակման, իր ինքնիշխան տարածքը, իր բնական հարստութիւնները, հանքերը պաշտպանելու մարտավարութեան, ինչ որ արեւմտեան դերակատարներուն համար ձեռնտու մարտավարութիւն էր, որովհետեւ Արցախի վրայ ճնշում բանեցնելով՝ ճնշում կը բանեցուի նա՛եւ ռուսական զօրագունդին վրայ, որ իր անզօրութիւնը ցոյց կու տայ, անկարող ըլլալով ապահովելու Հայաստանը Արցախին կապող միջանցքի պաշտպանութիւնը։

Անցեալ Դեկտեմբերի սկիզբը Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի Փարիզ այցը արդէն ցոյց տուաւ, որ Արցախի հարցի միջազգայնացումը երկսայրի սուր է, որ Ազերիներուն եւ Թուրքերուն՝ իրենց ի նպաստ գործածելու մեծ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ։ Ա. Յարութիւնեան ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու, լրագրողներու առջեւ բազմիցս յայտարարեց ռուսական զօրախումբի ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը Արցախի պաշտպանութեան համար։ Նո՛յնիսկ կոչ ըրաւ ՄԱԿ-ի կողմէ անոր ներկայութեան միջազգային լիազօրութիւն տալու։ Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ու համար այս կոչերը անընդունելի են եւ ռազմավարականօրէն դատապարտելի։ Միակ ընդունելի պարագան Հայաստանի հողային ամբողջականութեան սկզբունքի պաշտպանութիւնն էր, որովհետեւ Արեւմուտքի աչքին Հայաստանին առիթ կու տար Ռուսաստանէն անկախանալու, իր ինքնիշխանութիւնը վերագտնելու։ 

Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագիրը այն աստիճան փխրուն դարձած են, որ անցեալի «ռուսամէտ», «հակառուս», «արեւմտամէտ» եւ այլ եզրերով մտածելը կը խանգարէ իսկական պետական աշխուժ ռազմավարութեան մշակումը։ Որքան որ ռազմական գետնի վրայ Ռուսաստան անպէտ յայտնուեցաւ, նոյնքան ալ ան տնտեսական անհրաժեշտ գործընկեր է եւ ցած գինով ուժանիւթ հայթայթող։ Իսկ Ազերպայճան գտաւ միջոցը իր կատարած սխալը սրբագրելու, ռազմականէն անցաւ բնապահական, Հայաստանէն՝ Արցախ։

Հայաստան կը փորձէ ինքզինք պաշտպանել, ջանալով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը վերստին հրաւիրել իր տարածքին վրայ Ազերպայճանի յարձակումին հետեւանքներուն, պատերազմական ոճիրներուն, հողային ամբողջականութեան վերականգնումին,… վրայ, սակայն անցեալի ռազմավարական արեւելումը տակաւին ծանր հետեւանքներ կ՚ունենայ։

Ժ.Չ. ■