Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Բրիտանացի խումբ մը քաղաքական, հասարակական գործիչներ միջազգային առաջնորդներուն կոչ ըրած են անյապաղ զբաղելու Բերձորի միջանցքի հարցով

Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, Լիվըրփուլէն լորտ Ալթոն, Քենթըրպըրիի նախկին արքեպիսկոպոս լորտ Ռովան Ուիլիըմս, «Միջազգային քրիստոնէական զօրակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահ, դոկտ. Ճոն Այպնըր, երեսփոխան Թիմ Լաութըն եւ կարգ մը այլ քաղաքական, հասարակական գործիչներ միջազգային առաջնորդներուն կոչ ըրած են անյապաղ զբաղելու Բերձորի միջանցքի հարցով։

«Միջազգային հանրութիւնը դժբախտաբար չէ յաջողած դադրեցնել Ազերպայճանի կողմէ շարունակուող ահաբեկչական պատերազմը, որ 21-րդ դարուն սանձազերծուած է հայկական պատմական հող հանդիսացող Արցախի (որ Ստալինի կողմէ յանձնուած էր Ազերպայճանին) մէջ ապրող Հայերուն դէմ եւ կ՚իրականացուի միջնադարեան ոճով՝ պաշարման միջոցով»,– նշուած է վերոյիշեալ գործիչներու հրապարակած նամակին մէջ։

Հեղինակները յայտնած են, որ Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակումով յառաջացած առաջին անհրաժեշտութեան մթերքի զգալի պակասի հետեւանքով արդէն մահուան դէպքեր արձանագրուած են՝ Հայաստանի մէջ բուժուելու կարելիութենէն զրկուած ըլլալու պատճառով:

«Միջազգային իրաւունքի համաձայն գոյութիւն ունի պատասխանատւութիւն՝ կանխատեսելու եւ կանխելու ցեղասպանութիւնը, պաշտպանելու տուժածները և պատժելու նախայարձակը: Հակառակ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի, ԻՒՆԻՍԷՖ-ի եւ միջազգային այլ կառոյցներու սոյն արարքը դատապարտելուն, Ազերպայճանի բռնութիւններու մասին լրասփիւռներու լռութիւնը կը շարունակուի՝ առիթ տալով այդ երկրին անպատիժ կերպով յառաջ մղելու իր ցեղասպանական քաղաքականութիւնը»,– նշուած է նամակին մէջ:

Փաստաթուղթին հեղինակները միջազգային առաջնորդներուն կոչ ըրած են «անյապաղ զբաղելու այս սարսափելի ողբերգութեամբ»:

«Կը յուսանք, որ խիզախ և վաստակաշատ լրագրողները լոյս կը սփռեն ժողովուրդի մը տառապանքներուն վրայ, որ ցաւօք, մօտէն ծանօթ է ցեղասպանական ոճիրներու բնոյթին»,– ընդգծուած է նամակին մէջ: