Լոս Անճըլըսի քաղաքապետուհի Քերըն Պաս կոչ ըրած է դադրեցնելու Բերձորի միջանցքի շրջափակումը:
«Ես Լոս Անճըլըսի հայ համայնքի կողքին եմ. կոչ կ՚ընեմ դադրեցնելու Բերձորի միջանցքի շրջափակումը: Մենք պէտք է ցոյց տանք մեր նուիրումը ազատութեան՝ օգնելով Արցախի ժողովուրդին: Սա ճգնաժամ է, եւ ձեռնպահութեան պարագային այդ ճգնաժամը աւելի պիտի սաստկանայ: Վտանգի ենթակայ են բազմահազար կեանքեր»,– Թուիթըրի իր էջին գրած է քաղաքապետուհին: