Ըստ Ֆոն տեր Լայէնի՝ ԵՄ-Հայաստան գործընկերութիւնը կը յառաջանայ աննախադէպ արագութեամբ

Լայէն

Նիւ Եորքի մէջ Սեպտեմբեր 23-ին կայացած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնի հանդիպումը: Քննարկուած են Հայաստան-ԵՄ գործակցութեան օրակարգն ու տարածաշրջանային հարցեր:

Փաշինեան բարձր գնահատած է ԵՄ-ի աջակցութիւնը Հայաստանի տնտեսական բազմազանացման եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու գործադրման:

Ֆոն տեր Լայէն «X»-ի իր էջին վրայ Սեպտեմբեր 23-ին հրապարակած գրառման մէջ նշած է, որ ԵՄ-Հայաստան գործընկերութիւնը կը յառաջանայ աննախադէպ արագութեամբ եւ զօրութեամբ: «Մենք ճամբաներ ու կամուրջներ կը կառուցենք մեր 200 միլիոն եւրօ արժողութեամբ ծրագրով: Այժմ դէպի ԵՄ հայկական արտածման 80 տոկոսը արդէն ազատ կացուցուած է մաքսատուրքէ»,– գրած է ան՝ ակնկալելով որ որոշումը շուտով վերջնականապէս կը վաւերացուի եւրոպացի օրէնսդիրներուն կողմէ։ Պրիւսէլ այս քայլով կը նպատակադրէ աջակցիլ Հայաստանի տնտեսութեան՝ ռուսական առեւտրային սահմանափակումներէն ետք։