Փետրուար 8-ին, Խրուաթիոյ իր պաշտօնակցին հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադառնալով Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն ընդգծած է, որ Հայաստան Ռուսաստանի հետ ունի լայն երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգ՝ հակառակ անոր որ որոշ հարցերու մէջ կան անհամաձայնութիւններ։
“Դաշնակցային յարաբերութիւններ են մեր երկրների միջեւ։ Կան բազմաթիւ համաձայնութիւններ, իսկ որոշակի հարցերում անհամաձայնութիւններ, ընդ որում հրապարակային, այդ թւում՝ կապուած ՀԱՊԿ-ի քաղաքական գնահատականների կամ դրանց բացակայութեան հետ։ Դրանք ճգնաժամ անուանելը, երեւի, չափազանց ուռճացուած կը լինի։ Մենք մնայուն կապի մէջ ենք մեր ռուսաստանեան գործընկերների հետ, քննարկում ենք շատ բազմաճիւղ օրակարգի հարցերը, բոլոր այն հարցերը, որոնց շուրջ համաձայնութիւն կայ եւ բոլոր այն հարցերը, որոնց շուրջ համաձայնութիւն չկայ”,- նշած է ան։
«Հայաստան եւ Ազերպայճան որոշ հարցերու մէջ յաջողած են մօտեցնել իրենց դիրքորոշումները»
Նոյն մամլոյ ասուլիսին, նախարար Միրզոյեան անդրադառնալով Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու ներկայ փուլին՝ յայտարարած է, թէ կողմերը յաջողած են որոշ հարցերու շուրջ մօտեցնել իրենց դիրքորոշումները, «սակայն Հայաստան ունի իր սկզբունքային հարցերը, որոնց մասին բազմիցս յայտնել ենք»։
Միրզոյեան խօսած է նաեւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպման մասին։
“Մենք չէինք չեղարկել մոսկովեան հանդիպումը, յետաձգել էինք այն։ Եւ որոշակի յարմար պահի կը գործարկենք յետաձգուած հանդիպումը։ Դա կարող է տեղի ունենալ Մոսկուայում կամ այլ քաղաքում։ Վայրի ընտրութիւնը, ի հարկէ, կարեւոր է, բայց գործընթացի վրայ շատ էական ազդեցութիւն չունի”,– նշած է ան։