Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Համաշխարհային դրամատունը կտրուկ բարձրացուցած է Հայաստանի 2021 տարուան տնտեսական աճի կանխատեսումը

Համաշխարհային դրամատունը գրեթէ կրկնակի բարձրացուցած է Հայաստանի 2021 տարուան տնտեսական աճի կանխատեսումը՝ այս տարուան Ապրիլի 3,4%-էն հասցնելով 6,1%-ի: Այս մասին ըսուած է Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանային զարգացման մասին Համաշխարհային դրամատան զեկոյցին մէջ։

Զեկոյցին հեղինակները կ՚ակնկալեն, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը մինչեւ 2022-ի կէսը պիտի վերադառնայ նախագովիտեան արտադրանքի մակարդակին՝ եթէ չըլլան նոր սահմանափակումներ, պսակաձեւ ժահրի համաճարակի աճի նոր դէպքեր, ներքին եւ տարածաշրջանային անկայունութեան ազդակներ:

Համաշխարհային դրամատան փորձագէտները Հայաստանի տնտեսութեան վերականգնումը կը կապեն ոչ թէ կառուցային փոփոխութիւններու (արդիւնաբերութեան աճ, նոր գործատուներու բացում եւ այլն), այլ մասնաւոր սպառման վերականգնման, պղինձի համաշխարհային գիներու աճի, զբօսաշրջիկներու հոսքի վերականգնման, ինչպէս նաեւ պիւտճէի միջոցներով շինարարութեան աշխուժացման հետ: 2020 թուականին երկրին տնտեսութիւնը կրճատուած էր 7,4%։