Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մաէսթրոյին վաստակը մեծարուեցաւ իր 95-րդ տարեդարձին օրը

Որոշ անձնաւորութիւններ այսպիսի արժանեալ առանձնաշնորհներ ունին։ Երբ յիշուի պատուոյ մակդիր մը՝ իսկոյն անոր տէրը կու գայ մեր աչքին առջեւ։ Այդպէ՛ս է նաեւ երգահան, երաժշտագէտ, «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի տասնամեակներու վաստակաշատ ղեկավար՝ Մաէսթրօ Կարպիս Ափրիկեանի պարագան. Մաէսթրօն կարծէք հոմանիշը ըլլար անոր անունին։

Հոկտեմբեր 6-ին, Հայաստանի Փարիզի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ Կարպիս Ափրիկեանին նուիրուած մեծարման երեկոյթ մը: Ի դէպ, օրը կը զուգադիպէր անոր 95-րդ տարեդարձին, բայց այդ չէր ձեռնարկին բուն շարժառիթը, այլ՝ Մաէսթրոյին վաստակի՛ն, գործունէութեա՛ն մեծարումն էր։ Արդարեւ, երեկոյթի ընթացքին ֆրանսացի հանրածանօթ լրագրող և գրող Ֆիլիփ Մեյեր հանդիսաւոր կերպով անոր յանձնեց արուեստի ոլորտին մէջ մեծ ներդրում ունեցած գործիչներուն շնորհուող Ֆրանսայի բարձրագոյն տիտղոսը՝ «Արուեստի և գրականութեան հրամանատար»-ի (« Commandeur de l’Ordre des Arts et des Lettres ») պետական շքանշանը։

Այս առթիւ ունեցած իր ելոյթին մէջ Մեյեր յատկապէս դիտել տուաւ, որ «Արուեստի և գրականութեան» պատուոյ երեք աստիճաններ գոյութիւն ունին՝ ասպետ, սպայ եւ հրամանատար, ու ծայր աստիճան հազուադէպ է, որ անոնցմէ առաջինին՝ ասպետի պատուոյն արժանացած մէկը ուղղակի արժանի նկատուի բարձրագոյնին՝ հրամանատարին, առանց անցնելու երկրորդէն։ Եւ աւելցուց, որ ասիկա լաւագոյն ապացոյցն է շքանշանները տնօրինող Խորհուրդին մեծարեալին նկատմամբ ունեցած անսահման յարգանքը ցոյց տալու կամքին։

Իր կարգին դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան նախ շնորհաւորեց ֆրանսահայ մեծանուն երաժշտագէտը այս բարձրագոյն պարգևին համար, ինչպէս նաև անոր 95-րդ տարեդարձին առթիւ։ Տիկ. դեսպանուհին ընդգծեց, որ Կարպիս Ափրիկեան իր բացառիկ տաղանդը ի սպաս դրած է հայ ժողովրդական երգի և երաժշտութեան մշակման Կոմիտասեան գործի յարատևման՝ պատկառելի ժառանգութիւն թողլով սերունդներուն, նաեւ հայ երգարուեստը շուրջ հինգ տասնամեակ լաւագոյնս ներկայացնելով Ֆրանսայի ու աշխարհի հեղինակաւոր բեմերուն վրայ, ինչպէս նաև հայրենիքի մէջ։

Կարպիս Ափրիկեանի մեծարման երեկոյթին ներկայ էին Ֆրանսայի ծանօթ արուեստագէտներ, հասարակական գործիչներ, «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի աւագ և երիտասարդ սերունդի անդամներ, Մաէսթրոյի մտերիմներ ու հարազատներ, ինչպէս նաև ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Աւարտին, մեծարեալը արտասանած իր կարճ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, ընդգծեց Հայոց կարեւոր տեղն ու դերը երաժշտութեան եւ ընդհանրապէս արուեստի աշխարհին մէջ։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ երգչախումբի անդամներուն ներկայացուցած քանի մը երգերով։

Հայ մշակոյթի, արուեստի բնագաւառներուն մէջ ունեցած ստեղծագործական ակնառու նուաճումներուն համար 2009-ին Կարպիս Ափրիկեան արժանի նկատուած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ մշակոյթի և արուեստի ոլորտի պետական բարձրագոյն պարգևին՝ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին։

«Նոր Յառաջ» եւս սրտանց կը շնորհաւորէ Մաէսթրօն, անոր մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն։

Թ.Շ.