Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու նոր հրամանատարն է Ալեքսանտր Լենցով

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է զօրավար-գնդապետ Ալեքսանտր Լենցովի նշանակումը՝ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու նոր հրամանատարի պաշտօնին։ 

Ան հրամանատարական պաշտօններ վարած է Ռուսաստանի զինեալ ուժերուն մէջ, եղած է ցամաքային եւ օդային զօրքերու հրամանատարի տեղակալ։ 2020 Յուլիսէն Պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական եղած է:

Մասնակցած Է Չեչենիոյ առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու մարտական գործողութիւններուն, Սուրիոյ մէջ Ռուսաստանի ռազմական գործողութեան։