Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապրիլ 27-ի երեկոյեան ընդունած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարուհի Գաթրին Գոլոնայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը ողջունած է նախարարուհիին այցը Հայաստան եւ ընդգծած Երեւանի յատուկ վերաբերումն ու ուշադրութիւնը Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու նկատմամբ: “Կ՚ուզեմ ընդգծել, որ շատ ուրախ եմ ի տես այն աշխուժութեան, որ առկայ է մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Ոչ միայն այդ յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են, այլ նաեւ, համոզուած եմ՝ ունինք զանոնք զարգացնելու կարելիութիւն: Կ՚ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանսայի նախագահին, Ձեզի, կառավարութեան այն ուշադրութեան համար, որ կը յատկացնէք մեր տարածաշրջանի խնդիրներուն, յատկապէս, Արցախի եւ Բերձորի միջանցքին շուրջ ստեղծուած ճգնաժամուն: Կրկին կ՚ողջունեմ Ձեզ. ուրախ պիտի ըլլամ լսելով Ձեր գնահատականները, տպաւորութիւնները այցի եւ մեր տարածաշրջանի վիճակին մասին”,– նշած է վարչապետը:
Իր կարգին, Գաթրին Գոլոնա շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրընկալութեան համար եւ աւելցուցած. “Առաջին անգամ ըլլալով կ՚այցելեմ Ձեր երկիրը. նախ, անմիջապէս Ձեզի յայտնեմ մեր Հանրապետութեան նախագահի բարեկամական ողջոյնները: Գիտէք, որ Ֆրանսա Հայաստանի բարեկամն է, Հայաստանի կողքին է, եւ այս երկրին հետ մեզ շատ բաներ կը կապեն: Բայց կ՚ուզեմ անձամբ անգամ մը եւս ըսել՝ մենք Ձեր կողքին ենք այն բարեփոխումներուն, ջանքերուն, աշխատանքին մէջ, զորս Դուք կը կատարէք, նաեւ Ձեր կողքին ենք արդար եւ կայուն խաղաղութեան որոնումին մէջ”:
Քննարկուած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ու ամրապնդման վերաբերող հարցեր:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Բերձորի միջանցքին շրջափակումով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Արցախեան հակամարտութեան:
Զրուցակիցները ընդգծած են Արդարադատութեան միջազգային ատեանի կայացուցած որոշումին՝ Ազերպայճանի կողմէ անյապաղ գործադրման եւ Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը: Անթոյլատրելի համարուած են Ազերպայճանի միակողմանի գործողութիւնները, ի շարս որոնց՝ Բերձորի միջանցքին վրայ անցակէտի տեղադրումը, ինչ որ 2020 Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան կոպիտ խախտում է:
Մտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցերու շուրջ:
Տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման տեսանկիւնէն՝ ընդգծուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան արդիւնաւէտ գործունէութեան կարեւորութիւնը: