Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Դաւիթ Բաբայեան. «Ադրբեջանական անցակէտը դառնալու է խոշտանգումների կէտ, մարդկանց առեւանգելու են, սպանելու են»

Արցախի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Դաւիթ Բաբայեան «Փաստինֆօ»-ին տուած հարցազրոյցին յայտնած է, թէ Բերձորի միջանցքին ապօրինաբար տեղադրուած ազերպայճանական անցակէտին Արցախցիները կեցնելու, անցագրերը ստուգելու դէպքին վերաբերեալ պատկան մարմինները պէտք է անյապաղ բացատրութիւն տան։

«Տեղի ունեցածը խայտառակութիւն էր։ Մենք ներկայ պահին վճռորոշ փուլում ենք, եւ հասարակութիւնը բազմաթիւ հարցերի պատասխաններ է ակնկալում՝ սեփական իշխանութիւններից, Մոսկուայից ու Արեւմուտքից։ Առաջին հերթին Արցախի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ պատասխանեն, թէ ի՛նչ ենք անում, ո՛րն է մեր տեսլականը»,– ըսած է Բաբայեան, աւելցնելով, թէ ինք կասկած չունի որ ազերպայճանական անցակէտը շուտով պիտի դառնայ խոշտանգումներու եւ սպանութիւններու կէտ։

«Սրանք դեռ ծաղիկներն են, մարդկանց առևանգելու են, սպանելու են, թալանելու են, նուաստացնելու են… Ինչ ուզեն՝ անելու են։ Մենք տեսել ենք, թէ 1991-ին Ստեփանակերտի օդանաւակայանում ի՛նչ էր անում ադրբեջանական ՕՄՈՆ-ը»։

Մատնանշելով ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի՝ Ապրիլ 30-ին կատարած թուիթըրեան գրառումը, որով ամերիկացի դիւանագէտը շնորհակալութիւն կը յայտնէր Ալիեւին, իբրեւ թէ «խաղաղութեան» ուղղութեամբ ցուցաբերած անոր ջանքերուն համար՝ Բաբայեան ընդգծած է, թէ ակնյայտ կեղծաւորութիւն կը տեսնէ թէ՛ Ուաշինկթընի, թէ՛ Մոսկուայի, թէ՛ Երեւանի կողմէ։ «Հերիք է արդէն, թող յստակօրէն ասեն՝ ինչ է իրենց ուզածը, հասարակութիւնը պատասխանների է սպասում»,– եզրափակած է ան։