Հօ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի նախագահ Զաւիէ Պերթրան, որ այս օրերուն Հայաստան կ՚այցելէ, Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեանի հետ։
Արցախի ներկայացուցչութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած քննարկումին, ֆրանսացի դիւանագէտը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնած է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին: Կողմերը ստորագրած են միացեալ յայտարարութիւն մը՝ միջազգային հանրութեան կոչ ընելով պատիժներ կիրարկելու Ազերպայճանի վարչակարգին դէմ, նկատի ունենալով որ Պաքու տակաւին կը մերժէ Բերձորի միջանցքով մարդոց եւ բեռներու երկկողմ տեղաշարժը ապահովելու եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումը գործադրելու իր պարտաւորութիւնները։
Զաւիէ Պերթրան ընդգծած է, թէ Ազերպայճանի սանձազերծած յարձակումները անդընունելի են եւ պէտք է դադրեցուին։
“Ոեւէ մէկը իրաւունք չունի անցակէտ հաստատելու, միջանցք փակելու, հարիւրաւոր մարդիկ բուժումէ զրկելու, իսկ երախաները՝ կրթութիւն ստանալու կարելիութենէն։ Ոեւէ մէկը այդպիսի իրաւունք չէ տուած Ազերպայճանին։ Ֆրանսա վերադարձիս ամէնուր պիտի ներկայացնեմ այս հարցը”,– նշած է Պերթրան։
Ըստ միացեալ յայտարարութեան՝ Ազերպայճանի վարչակարգը ինչպէս իր իսկ քաղաքացիները ճնշելու գործելակերպով, այնպէս ալ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ ռազմական ծաւալապաշտութեամբ, կրնայ միայն պատերազմի, աւերածութիւններու, թշուառութեան եւ յուսահատութեան պատճառ դառնալ։