Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) շարք մը երկիրներու առաջնորդներու հետ ծաղիկներ խոնարհած է Անծանօթ զինուորի շիրիմին։
Իսկ մինչ այդ վարչապետը՝ Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ղազախստանի, Քիրկիզստանի, Տաճիկիստանի, Թիւրքմէնստանի եւ Ուզպէքստանի ղեկավարներուն հետ, Կարմիր հրապարակին վրայ ներկայ եղած է զինուորական շքերթին։