Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իտալիոյ մէջ յայտնաբերուած է Էքուաթորէն Հայաստան ուղարկուող 2,7 թոն քոքային

Իտալիոյ Gioia Tauro նաւահանգիստին մէջ առգրաւուած է աւելի քան 2,7 թոն քոքային, որ պէտք է Վրաստանի Պաթումիի նաւահանգիստով փոխադրուէր Հայաստան։ Լուրը հաղորդած է ANSA գործակալութիւնը։

Աղբիւրը նշած է, թէ թմրեցուցիչը թաքցուած էր Էքուաթորէն Իտալիա ուղարկուած պանանի արկղերուն մէջ։