Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՌՈՄ – Չարենցի գործերը թարգմանուած են իտալերէն 

«Ես իմ անուշ Հայաստանի» հատընտիրը ներկայացուած է «Լա Սափիենցա» համալսարանին մէջ

Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան և Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանի նախաձեռնութեամբ, Մայիս 16-ին, համալսարանի դասական արուեստի թանգարանի ODEION սրահին մէջ, հանրայայտ դերասան, բեմադիր եւ բեմագիր Գառլօ Վերտոնէի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է «Ես իմ անուշ Հայաստանի» հատընտիրին շնորհահանդէսը։ Գիրքը կը պարունակէ 20-րդ դարու հայ ականաւոր բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններու իտալերէն թարգմանութիւնները եւ հայերէն բնօրինակները։

Նոյն ձեռնարկի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած է նաեւ շնորհահանդէսը՝ գրող, Լեթիցիա Լեոնարտիի հեղինակած «Բանաստեղծի փոթորկալից կեանքը» խորագրով աշխատութեան, որու նախաբանը ստորագրած է  Գառլօ Վերտոնէ։

Ելոյթներ ունեցած են Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանի տնօրէնը, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, համալսարանի Հնագիտութեան բաժանմունքի տնօրէնը, «Ես իմ անուշ Հայաստանի» գիրքի խմբագիր Տոմենիքօ Փոլիթօ, Չարենցի երկերու թարգմանիչ Ալֆոնսօ Փոմփելլա, «Բանաստեղծի փոթորկալից կեանքը» հատորին հեղինակը, «Le Lettere» հրատարակչութեան ներկայացուցիչը։

Հայաստանի դեսպանութեան Դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք, թէ վերոնշեալ հատընտիրի թարգմանութիւններու հեղինակներն են՝ Մարիօ Վերտոնէ, Հայր Լեւոն Զէքիեան, Ալֆոնսօ Փոմփելլա, Անուշ Թոռունեան, Մարիամ Երեմեան, Գրիգոր Ղազարեան, Յասմիկ Վարդանեան:

Երեկոյթին ներկայ եղած են ակադեմական շրջանակներու, իտալահայ համայնքի ներկայացուցչներ, «Լա Սափիենցա» համալսարանի ուսանողներ։