Մայիս 22-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին վարչապետ Փաշինեան անգամ մը եւս կրկնած է, թէ Հայաստան պատրաստ է ճանչնալու Ազերպայճանի 86.600 քառ. քմ. հողային ամբողջականութիւնը, որ կը ներառէ նաեւ Արցախը, սակայն Արցախահայութեան իրաւունքներու, անվտանգութեան հարցը պէտք է քննարկուի Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեամբ:
Անդրադառնալով գործող կառավարութեան կեցուածքին՝ վարչապետը ըսած է, թէ այսօրուան կառավարութիւնը ինչ ըսէ-չըսէ, Հայաստանի բոլոր կառավարութիւնները ճանչցած են Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը:
“Ադրբեջանի 86.600 քառ. կմ. տարածքային ամբողջականութիւնը Հայաստանը պատրաստ է ճանաչել: Եւ մեր ընկալմամբ՝ Ադրբեջանը պատրաստ է ճանաչել Հայաստանի Հանրապետութեան 29.800 քառ. կմ. տարածքային ամբողջականութիւնը”,–նշած է ան:
Պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք հողային ամբողջականութիւնը կը ներառէ՞ կղզիացուած շրջանները (անկլաւ-enclaves)՝ վարչապետը դրական պատասխան տուած է: “29.800 քառ. կմ.ի մէջ անկլաւները նոյնպէս մտնում են, դրա մէջ մտնում է նաեւ Արծուաշէնը: Սա քաղաքական դիրքորոշում է, բայց հարցի իրաւական մասը դեռ պէտք է դիտարկել ու նայել”,– եզրափակած է վարչապետը։
Ինչ կը վերաբերի սահմանագծման հարցին, Փաշինեան ըսած է.
“Կարծում եմ, որ 1975 թուականի քարտէզը կարող է եւ պէտք է հիմք հանդիսանայ նաեւ հետագայ սահմանագծման աշխատանքների համար, որովհետեւ դա է ենթադրում 2022 թուականի Հոկտեմբերի 6-ի Պրահայում ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնը՝ Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ սահմանազատում իրականացնելու վերաբերեալ”,– եզրափակած է ան։
29.800 քառ. քմ.-ի մէջ ներառուած չեն Տիգրանաշէնը եւ Տաւուշի եօթը գիւղերը
Նոյն մամլոյ ասուլիսին, Փաշինեան նաեւ յայտարարած է, թէ Հայաստանի 29.800 քառակուսի քիլոմեթր հողային ամբողջականութեան մէջ Արարատի մարզի Տիգրանաշէն եւ Տաւուշի մարզի եօթը գիւղերը ներառուած չեն։