Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եաշար Ալիեւ. «Հայաստանի հետ սահմանին անցակէտի տեղակայումը Ազերպայճանի իրաւունքն է»

ՄԱԿ-ի մէջ Ազերպայճանի մնայուն ներկայացուցիչ Եաշար Ալիեւ յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ սահմանին՝ Լաչինի ճանապարհի սկզբնամասին, անցակէտի տեղակայումը Ազերպայճանի իրաւունքն է:

Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է «Քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութիւնը զինեալ հակամարտութիւններու մէջ» բնաբանով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի (ԱԽ) կազմակերպած բաց բանավէճի ընթացքին:

“Սահմանային անցակէտի տեղադրման վերաբերեալ կրնամ ըսել, թէ ան Ազերպայճանի անվիճելի ինքնիշխան իրաւունքն է: ՄԱԿ-ի ԱԽ-ն բազմիցս հաստատած է, որ սահմաններու պաշտպանութիւնը ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու իրաւասութիւնն է”,– նշած է Եաշար Ալիեւ:

Ան պնդած է նաեւ, թէ Ազերպայճան, իբրեւ թէ, երբեք չէ խոչընդոտած Բերձորի ճամբով մարդոց տեղաշարժը, պարէնի, բժշկական եւ մարդասիրական այլ բեռներու փոխադրումը եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի կառքերու երթեւեկը:

Ալիեւի համաձայն՝ «կան այդ հանգամանքը հաստատող բազմաթիւ ապացոյցեր, որոնք կը հերքեն Հայաստանի տարածած ապատեղեկատւութիւնը»: