Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պապիկեան եւ Ֆրանսայի դեսպանը քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառի համագործակցութեան հարցեր

Մայիս 24-ին, Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Լույօն։

Հանդիպումին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ ֆրանքեւհայկական երկկողմ համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցեր: Զրուցակիցները բարձր գնահատած են երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան այսօրուան մակարդակը։

Պապիկեան դեսպանին ներկայացուցած է նաեւ հայ-ազերպայճանական սահմանին տիրող իրավիճակը։