Վարչապետ Փաշինեան Մայիս 24ին, կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին, պատասխանելով «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Վահագն Ալեքսանեանի` Արցախի խորհրդարանի Մայիս 22-ի յայտարարութեան վերաբերեալ հարցումին՝ ըսած է, թէ ինք ճիշդ մօտեցում կը նկատէ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ միջազգային ձեւաչափով երկխօսութեան հաստատումը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Արցախի Հայութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելու հարցերը: Փաշինեան ըսած է, որ երկու օր առաջ Արցախի Ազգային ժողովի արտակարգ նիստի ընթացքին հնչած ելոյթներէն ունեցած է այն տպաւորութիւնը, թէ Արցախի երեսփոխանները Հայաստանի իշխանութիւններուն կը փորձեն ըսել, որ չեն ուզեր Ազերպայճանի հետ բանակցիլ, եւ թէ՝ պէտք է Հայաստանի իշխանութիւնները բանակցին, ու Արցախէն ալ թելադրեն՝ ինչպէ՛ս բանակցիլ:
“Կարծում եմ` ճիշդ բանաձեւ է Ստեփանակերտի եւ Բաքուի միջեւ բանակցութիւնները, երկխօսութիւնը միջազգային գործիքակազմի շրջանակում Լեռնային Ղարաբաղի Հայութեան իրաւունքների եւ անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ: Նաեւ կոչ եմ անում Արցախի մեր գործընկերներին, այնուամենայնիւ, համապատասխան պատրաստակամութեամբ վերաբերուել այս օրակարգին: Ի հարկէ, միւս կողմից էլ նաեւ Բաքուից էլ այդ պատրաստակամութիւնը պէտք է լինի, որովհետեւ գուցէ Ստեփանակերտում կասկածով են վերաբերւում Բաքուի պատրաստակամութեանը: Եւ գուցէ դա է պատճառը նման վերաբերմունքի եւ հակազդեցութեան”,– ըսած է վարչապետը:
Նոյն նիստին Փաշինեան անգամ մը եւս հաստատած է, որ Հայաստան հաւատարիմ է Պրիւսէլի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան, ըստ որուն՝ Երեւան կը ճանչնայ Ազերպայճանի 86.600 քառ. քմ. հողային ամբողջականութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Արցախը, եւ կ՚ակնկալէ, որ Ազերպայճան եւս վերահաստատէ Հայաստանի 29.800 քառ. քմ. հողային ամբողջականութեան ճանաչումը։