Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արամ Ա. կաթողիկոս Նուրհան պատրիարքի հետ քննարկած է «Կովերու պարտէզ»-ի շուրջ ծագած խնդիրը

Մայիս 29-ի իրիկունը, Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը Ժընեւէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ։

Վեհափառ հայրապետին եւ Պատրիարքին խորհրդակցութեանց առանցքը հանդիսացած է Երուսաղէմի պատրիարքութեան պատկանող «Կովերու պարտէզ»-ին շուրջ վերջերս ծագած խնդիրը։ Հայրապետը Պատրիարքին ուշադրութեան յանձնած է այս հարցին՝ մեր ժողովուրդին եւ շրջանին հետ առնչութիւն ունեցող երկիրներուն  պատճառած մտահոգութիւնը։

Պատրիարքը վստահեցուցած է Վեհափառ հայրապետին, որ «Կովերու պարտէզ»-ին շուրջ կայացած համաձայնութիւնը չեղեալ համարելու ուղղութեամբ արդէն իսկ սկսած է գործնական քայլերու դիմել։