Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄՈԼՏՈՎԱ – Հնգակողմ հանդիպումը՝ Փաշինեանի, Ալիեւի, Մաքրոնի, Միշէլի եւ Շոլցի մասնակցութեամբ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, կնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, Մայիս 31-ին ժամանած է Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւ, ուր յաջորդ օր տեղի կ՚ունենար Եւրոպայի քաղաքական համայնքի (CPE) երկրորդ վեհաժողովը, ցամաքամասի 47 երկիրներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ:

Վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էդմոն Մարուքեան:

Մայիս 31-ի իրիկունը, վարչապետ Փաշինեան Աննա Յակոբեանի հետ այցելած է Մոլտովայի «Հանրապետութեան պալատ»-ը, ուր ժողովին մասնակցող պետութիւններու ղեկավարներուն հետ ներկայ գտնուած է դասական երաժշտութեան համերգին, եւ այնուհետեւ մասնակցած կազմակերպուած ընդունելութեան։

Յունիս 1-ին, Քիշնեւի մէջ, վեհաժողովին առընթեր տեղի ունեցած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի, Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հնգակողմ հանդիպումը։ Քննարկուած են տարածաշրջանային երթեւեկութեան եւ տնտեսական ենթակառոյցներու ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրին, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետացածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներու վերաբերող հարցեր:

Յուլիս 21-ին կը նախատեսուի Փաշինեանի, Միշէլի եւ Ալիեւի հանդիպումը՝ Պրիւսէլի մէջ։ ■