Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Պաշտպանութեան բանակ. «Հայկական կողմը կրակ չէ բացած ազերպայճանական դիրքերու ուղղութեամբ»

«Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած  հաղորդագրութիւնը, որ իբրեւ թէ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները Յունիս 4-ի առտուան ժամերուն կրակ բացած են Արցախի բռնագրաւուած Շուշիի եւ Ասկերանի շրջանները տեղակայուած ազերպայճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, յաջորդական ապատեղեկութիւն է եւ իրականութեան չի համապատասխաներ»,– նշուած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ ընդգծուած է, որ Ազերպայճան նման կեղծ լուրեր տարածելով իր գրգռութիւններուն համար հող կը պատրաստէ։