«Յստակ քարտէսի մը հիման վրայ սահմանազատման համաձայնութիւն չէ գոյացած»
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յստակ քարտէսի մը հիման վրայ ազերպայճանա-հայկական սահմանազատման վերաբերեալ համաձայնութիւն չէ գոյացած։
Ազերպայճանի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը անընդունելի համարած է Յունիս 4-ին Հանրային հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին՝ Հայաստանի Անվտանգութեան քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութիւնը, նշելով որ վերջինս «կրկին անգամ փորձած է խեղաթիւրել շարք մը հարցերու էութիւնը՝ մոլորեցնելով թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ հայաստանեան հանրութիւնը»:
Պաքուի համաձայն՝ Երևան կը ձգտի խուսափիլ իր ստանձնած պարտաւորութիւններէն:
Նշենք, թէ Գրիգորեան հարցազրոյցի ընթացքին մասնաւորապէս նշած է, որ Քիշնեւի մէջ կողմերը 1975-ի քարտէսի հիման վրայ սահմանազատման ուղղութեամբ որոշ յառաջընթաց արձանագրած են եւ պիտի շարունակեն բանակցութիւնները այդ կէտին հասնելու համար։