Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Դաւիթ Բաբայեան՝ Արարատ Միրզոյեանին. «Ձեզ լիազօրութիւն տուե՞լ են, որ Արցախը ճանաչէք Ազերպայճանի կազմում»

Tert.am-ի հետ զրոյցին, Արցախի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու ներկայացուցիչ, խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան յայտնած է, թէ անհասկնալի է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի յայտարարութիւնը, թէ Արցախի ո՛չ ժողովուրդը, ո՛չ ալ իշխանութիւնները զիրենք լիազօրած են բանակցելու Արցախի կարգավիճակին շուրջ:

Բաբայեանի կարծիքով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները հայ ժողովուրդին կողմէ լիազօրուած են Արցախը պաշտպանելու եւ պահպանելու։ 

“Արցախի մասին դրոյթներ կան գրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ, որոնք պարտաւոր են գործադրելու: Արցախի վերաբերեալ դրոյթներ կան գրուած նաեւ  «Քաղաքացիական պայմանագիր»  կուսակցութեան կանոնադրութեան, ծրագրի մէջ, հետեւաբար, նրանք ստանձնել են այդ պարտաւորութիւնը, որ պահեն Արցախը: Հիմա ի՞նչ է նշանակում՝ մենք լիազօրուած չենք, իսկ ձեզ լիազօրութիւն տուե՞լ են, որ Արցախը ճանաչէք Ադրբեջանի կազմում”,– հարց տուած է Արցախի նախագահի խորհրդականը:

Բաբայեան նաեւ նշած է, որ Հայաստան կը հանդիսանայ թէ՛ Արցախեան հակամարտութեան, թէ՛ բանակցային գործընթացի կողմ, եւ այդ ամրագրուած է Պուքրէշի համաժողովի որոշումին մէջ: 

“Հիմա էլ ի՞նչ լիազօրագիր են ուզում: Եթէ Հայաստանը հրաժարւում է Արցախից, այսինքն՝ մայրը հրաժարւում է իր երեխայից, դա որեւէ ձեւով լաւ բանի չի յանգելու: Պէտք է հասկանալ, թէ մենք հիմա ի՛նչ ծանր խաչմերուկում ենք գտնւում: Սա ոչ միայն Արցախի, այլ՝ հայ ժողովրդի ինքնորոշման հարցն է”,– ընդգծած է ան:

Յայտնենք, թէ՝ Ազգային ժողովի մէջ ամավարկի քննարկումներու ընթացքին Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է,  որ Արցախի ժողովուրդին կողմէ լիազօրագիր չեն ստացած՝ անոնց ապագայի հարցը բանակցելու համար։