Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին (CCAF) կողմէ Արցախի զօրակցութեան համար կազմակերպուած հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 4-ի յետմիջօրէին, Փարիզի Թրոքատերոյի բացատին վրայ։
Շուրջ 500 ցուցարարի ներկայութեան յաջորդաբար խօսք առին CCAF-ի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, եւրոերեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Գարվունաս, Ֆրանսայի քրտական ժողովրդավարական խորհուրդի (CDKF) բանբեր Պերիվան Ֆըրաթ, Փարիզի փաստաբաններու կաճառի փոխատենապետ Վենսան Նիորէ, Իսիի քաղաքապետի կցորդ Արթիւր Խանճեան, փաստաբան Ֆրանսուա Տէվէճեան, Ֆրանսայի Ասորի-քաղթէացիներու համակարգման խորհուրդի (CCACF) ներկայացուցիչ Տանիէլ Օկիւսթ, փաստաբան Ժան-Վազգէն Անեանաքեան, շարժանկարի բեմադիր Ռոպէր Քէշիշեան, Ֆրանսայի Հայ դատի ներկայացուցիչ Յարութ Մարտիրոսեան։
Արտասանուած բոլոր ելոյթներուն հասարակ յայտարարը դատապարտումն էր Թուրքիոյ նեցուկով՝ Ազերպայճանի ռազմատենչ եւ հայաջինջ նպատակներ հետապնդող փանթուրքական քաղաքականութեան, որ այսօր ուղղակի թիրախ առած է Արցախը,– եւ վաղն ալ վստահաբար այդ նոյն թիրախին պիտի յայտնուի Հայաստանը,– բայց նաեւ ու մա՛նաւանդ խարազանումն էր այդպիսի վարքի մը դիմաց՝ միջազգային հանրութեան կրաւորական, երկերես կեցուածքին. միջազգային հանրութիւն մը, որ իր ամբողջ ուշադրութիւնը սեւեռած է Ուքրաինայի պատերազմին վրայ ու կը ձեւացնէ անտեսել Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող ողբերգութիւն(ներ)ը եւ ճկոյթն իսկ չի շարժեր, ու կը գոհանայ ամուլ քայլերով՝ կոչերով, դատապարտումներով…։ Տնտեսական դիւանագիտութիւնը կը գերադասուի քաղաքական արդար դիւանագիտութեան։
Ելոյթ ունեցողներէն շատեր նաեւ յիշեցուցին, որ բռնատէրերը իրենք զիրենք ու իրենց վարչակարգերը յաւիտենական կը կարծեն ու հո՛դ է, որ չարաչար կը սխալին ու կոչ ըրին Արցախի ժողովուրդին, հա՛յ ժողովուրդին՝ շարունակելու արդար պայքարը։
Ընդգծուեցաւ նաեւ ցաւալի այն իրականութիւնը, որ այսօր Հայաստան այլեւս ի վիճակի չէ պաշտպանելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, քանի որ իր իսկ սահմանները սպառնալիքի ենթակայ են եւ ան չի կրնար պայքարիլ երկու ճակատի վրայ։ Եւ այս պայմաններուն մէջ համայն Հայութեան միանալով՝ Արցախին անսասան աջակցութիւն ցուցաբերելը կը դառնայ կենսական հրամայական մը, ինչպէս իրենց եզրափակիչ խօսքին մէջ նշեցին CCAF-ի համանախագահներն ալ եւ կոչ ըրին այդ ուղղութեամբ։
Եւ հուսկ նշենք, որ հանրահաւաքին թուականը զուգադիպած ըլլալով Մայրերու օրուան, որոշ ճառախօսներ օրուան խորհուրդը շաղկապեցին Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական աղէտալի իրավիճակին հետ։ Օրինակ, անոնցմէ Մուրատ Փափազեան իր յարգանքի տուրքը մատուցեց «այս ապօրինի, անընդունելի շրջափակման վեց ամիսներու ընթացքին 30.000 երախաներով բանտարկուած արցախցի բոլոր մայրերուն»։
Թ.Շ.