Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունած է «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժումի անդամները

Յունիս 7-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունած է «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժումի անդամները՝ Ռուբէն Վարդանեանի գլխաւորութեամբ։

Նախագահը, ընդգծելով կենսական հարցերու շուրջ հանրային տարբեր շրջանակներու հետ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը, ներկայացուցած է իշխանութիւններու ռազմավարական մօտեցումները՝ յատկապէս շրջափակման պատճառներու եւ հետեւանքներու յաղթահարման վերաբերեալ: