Փարիզի Քաղաքային խորհուրդը Յունիս 5-ին ընդունած է բանաձեւ մը՝ Արցախի բնակչութեան կամ Արցախէն Հայաստան տեղահանուածներուն շտապ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։
Բանաձեւին մէջ մասնաւորապէս նշուած է․
«Նկատի ունենալով, որ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) շուրջ 120․000 բնակչութիւնը 2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր կտրուած է արտաքին աշխարհէն՝ Բերձորի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով, ուրկէ միայն շտապ մարդասիրական օգնութեան եզակի բեռներ կը փոխադրուին,
Նկատի ունենալով Ազերպայճանի կողմէ շրջափակման ենթարկուած բնակչութեան աջակցելու կենսական եւ հրատապ կացութիւնը եւ այս բնագաւառին մէջ արդէն իսկ փորձառութիւն ունեցող ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու գոյութիւնը, որոնք կրնան Հայաստանի մէջ ձեռք բերել Արցախի բնակչութեան կարիքներուն համապատասխան չփճացող պարէնային մթերքներ եւ զանոնք ուղղել հասցէատիրոջ,
Նկատի ունենալով, որ 2020 Նոյեմբեր 27-ին Փարիզի Քաղաքային խորհուրդը թեր քուէարկած էր բանաձեւի մը՝ կոչ ուղղելով Ֆրանսային ճանչնալու Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) Հանրապետութիւնը, միաժամանակ դիմելով ֆրանսական տեղական ինքնակառավարման այլ մարմիններուն՝ Արցախի բնակչութեան մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով,
Նկատի ունենալով, որ Փարիզի քաղաքապետը բազմիցս յիշեցուցած է քաղաքապետարանի՝ հայ ժողովուրդին ուղղուած օժանդակութեան մասին, անկախ անոնց բնակութեան վայրէն,
Նկատի ունենալով, որ Փարիզի քաղաքապետարանը աւանդութիւն ունի աջակցելու մարդկային իրաւանց զանգուածային ոտնահարման զոհ դարձած բնակչութեանց եւ ահազանգելու մարդասիրական ծայրայեղ դրութեան մասին,
Նկատի ունենալով, որ Երեւան կ՚անդամակցի ֆրանսախօս քաղաքապետերու միջազգային ընկերակցութեան, որուն անդամ են նաեւ հայկական համայնքներ ունեցող շարք մը այլ քաղաքներ եւս,
Նկատի ունենալով, որ Փարիզի քաղաքապետարանին համար վճռորոշ է անգամ մը եւս աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) բնակիչներուն,
Գործադիրի առաջարկով Փարիզի Քաղաքային խորհուրդը կը յայտնէ իր փափաքը, որպէսզի Փարիզի քաղաքապետը իրաւունք ունենայ դիմելու Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսախօս քաղաքապետերու միջազգային ընկերակցութեան անդամ հանդիսացող արտասահմանի քաղաքներուն՝ խնդրելով նպաստել շտապ մարդասիրական օգնութեան, որ որեւէ կազմակերպութեան միջոցով մարդասիրական բեռնատարերու շարասիւնով չփճացող պարէնային մթերքներ կը հասցնէ Արցախի բնակչութեան եւ Հայաստան ապաստանած տեղահանուածներուն»: