Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մեքսիքոյի Հայաստանի դեսպանատան մէջ նշուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-րդ տարեդարձը

Մայիս 31-ին, Մեքսիքոյի Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած է ընդունելութիւն մը՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 105-րդ տարեդարձին, հոգեւոր առաջնորդներու, Մեքսիքոյի Ծերակոյտի անդամներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Հանդիսութեան ընթացքին ուղերձներով հանդէս եկած են դեսպանուհի Արմելլա Շաքարեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի եւ Մեքսիքոյի հոգեւոր առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան  եւ ծերակուտական Սեսիլիա Սանչես:

Ընդունելութեան աւարտին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պատուոյ շքանշանով պարգեւատրուած են ազգանուէր գործունէութիւն ծաւալած հայ համայնքի անդամները։