Հայաստանի եւ Պելառուսի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով, Հայաստանի դեսպան Ռազմիկ Խումարեան «Պելթա» (Belta) լրասփիւռին հետ ունեցած հարցազրոյցին յայտարարած է, թէ արդէն նախապատրաստուած է Մինսքի եւ Երեւանի՝ զուգորդուած քաղաքներ դառնալու վերաբերեալ համաձայնագիրը, որ կը ստորագրուի Երեւանի քաղաքապետին Մինսք կատարելիք այցելութեան ընթացքին։
Ան անդրադարձած է երկու երկիրներու հինգդարեայ փոխյարաբերութիւններուն, նշանաւոր վարպետ Յովհաննէս Մաջարեանցի ներդրումին՝ ոսկիով եւ մետաքսով գօտի պատրաստելու գործատան հիմնադրումին (1758), որ ծառայած է յայտնի Սլուցքի (Slutsk) գօտիներու արտադրութեան զարգացման:
Դեսպանը նշած է, թէ Պելառուսի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Հայրենական մեծ պատերազմը, երբ Պելառուսերն ու Հայերը ուս-ուսի կը մարտնչէին գերմանական բռնագրաւողներու դէմ. «Մեծ թիւով Հայեր մասնակցած են Պելառուսի ազատագրութեան համար մղուող մարտերուն եւ անոնցմէ զոհուած՝ աւելի քան 10 հազարը»։
Անդրադառնալով երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման յոբելեանին՝ Խումարեան տեղեկացուցած է, թէ Յունիս 29-ին, Մինսքի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի դեսպանութեան, «Պելթա»-ի եւ «Արմէնփրէս»-ի կազմակերպած լուսանկարչական ցուցահանդէսին բացումը, մասնակցութեամբ՝ հայ եւ պելառուս լուսանկարիչ-լրագրողներու։ Դեսպանին կարծիքով սոյն ցուցահանդէսը կրնայ նպաստել զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու աշխատանքներուն։