Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախցի երախաներու կոչը՝ աշխարհին

«Ես հայ մնալու իրաւունք ունեմ»

«Արարիչ» բարեսիրական հիմնադրամը Յունիս 9-ին Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպած է արցախցի երախաներուն նուիրուած մշակութային եւ ուրախ ժամանցի ձեռնարկներ: 

Հանդիսութեան սկիզբը փոքրիկները միջազգային կառոյցներուն ուղերձ յղած են, կոչ ընելով անտարբեր չմնալու վեց ամիսէ ի վեր շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի ճակատագրին հանդէպ եւ քայլերու ձեռնարկելու յատկապէս երախաներու իրաւունքերու պաշտպանութեան համար: Անոնք պարզած են՝ «Ես Հայ մնալու իրաւունք ունեմ», «Ապահովէ՛ք իմ կրթութեան իրաւունքը» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ։ 

Օրուան ընթացքին տեղի ունեցած են ձեռային աշխատանքի ցուցադրութիւն, տիկնիկային բացօթեայ թատրոնի ներկայացում, հիւրասիրութիւն: