Սուտանէն սարսափելի լուր ստացանք։
«Արեւելք»-ի Սուտանի աղբիւրին մօտիկ անձեր կը հաղորդեն, որ նօսրացած համայնքի վերջին անդամներէն համարուող երկու քոյրեր մահացած են սովի մատնուելու հետեւանքով։
Մանրամասնութեանց մէջ կը նշուի, որ Զուարթ եւ Արփի Եկաւեան, որոնք կը բնակին մայրաքաղաք Խարթումի թիւ 51 փողոցին վրայ գտնուող իրենց յարկաբաժնին մէջ, մահացած են ուտելիք եւ ջուր չունենալու, այլ խօսքով՝ սովի հետեւանքով։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ անոնց ճաշ մատակարարող անձը վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին շրջանին մէջ մոլեգնած մարտերուն հետեւանքով չէ կարողացած հասնիլ անոնց օգնութեան, որմէ ետք ալ տարածուած է անոնց մահուան բօթը։
Համայնքի տարբեր անդամներ երկու քոյրերուն առաջարկած են լքել իրենց բնակարանը եւ հաստատուիլ աւելի ապահով վայր մը, սակայն անոնք մերժած են բոլոր խորհուրդները եւ բնակարանը կորսնցնելու վախն ունենալով փորձած են դիմանալ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ շուրջ երեք ամիսէ ի վեր ընթացող սուտանեան պատերազմին հետեւանքով հայկական նօսր գաղութը գրեթէ քայքայուած է։
Սուտանի վերջին զարգացումները հետապնդող մեծ թիւով վերլուծաբաններու կարծիքով քաղաքացիական բնոյթ ունեցող պատերազմը կրնայ շարունակուիլ նաեւ գալիք ամիսներուն։