Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդման համաձայն՝ Յունիս 14-ին, Երասխի գործատան ուղղութեամբ ազերպայճանական զինեալներու արձակած գնդակներէն վիրաւորուած են օտար երկու բանուորներ։
«Երասխի մէջ օտար ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետաղագործութեան գործատան ուղղութեամբ հակառակորդի յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած են գործատան մէջ շինարարական աշխատանքներ կատարող Հնդկաստանի քաղաքացիներ՝ Մուհամատ Ասիֆը եւ Միրհասան Սահաճանը»,– նշուած է Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Վիրաւորները անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրուած եւ վիրահատուած են։ Անոնց առողջական վիճակը կը գնահատուի՝ միջին ծանր։