Դաւիթ Բաբայեանի անդրադարձը՝ Խոսէփ Պորէլի յայտարարութիւններուն.
«120 հազար մարդ կ՚ապրի՞, թէ՞ կը մորթուի Պորէլի ու նրա նմանների հոգը չէ»
Յունիս 14-ին, Արցախի նախագահի խորհրդական, նախկին Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան News.am-ի հետ հարցազրոյցին յայտնած է, թէ հակառակ Արցախի վրայ գործադրուող մեծ ճնշումներուն դիմադրելու կարելիութիւնը կայ։
“Մենք վերջերս տեսնում ենք, որ հռետորաբանութիւնը եւ գործողութիւնները աւելի շիկացել են նոյնիսկ Հայաստանի սահմանին, Ադրբեջան է այցելել Թուրքիայի նախագահը՝ մեծ պատուիրակութեամբ, այս ամէնը նաեւ ինչ-որ կերպ աշխարհաքաղաքական ճնշում է միջազգային հանրութեան վրայ, դերակատարների վրայ, մեր վրայ, բայց անկախ ամէն ինչից պէտք է դիմադրել այդ բոլոր ճնշումներին, հնարաւորութիւնները կան, եւ այստեղ բանաձեւը շատ պարզ է՝ շարունակել լինել սկզբունքային եւ արհեստավարժ ձեւով մօտենալ հարցին: Թուրքիան եւ Ադրբեջանը, ի հարկէ, իրենց գործողութիւններով փորձում են ցոյց տալ, որ այստեղ որոշիչ դերն իրենցն է, բայց այդպէս չէ, կան նաեւ այլ ուժեր, որոնց հետ ճիշդ աշխատելու դէպքում կարող ենք այդ վտանգաւոր ազդակները կանխել, չէզոքացնել”,– ըսած է ան։
Անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Խոսէփ Պորէլի նախորդ օր կատարած յայտարարութիւններուն, թէ Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) չի կրնար Արցախի մէջ աւելին ընել իրավիճակը կայունացնելու, շրջափակումը վերացնելու համար, կրնայ միայն յորդորել Ազերպայճանին, որ լուծում գտնէ Արցախահայութեան ապահովութեան եւ իրաւունքներու հարցերուն, Բաբայեան նշած է, որ այս ամէնը կը հակասէ ԵՄ-ի որդեգրած ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան արժէքներուն։
“Բորէ՛լ, դու Եւրոպան ես ներկայացնում, բա ո՞ւր են ձեր ժողովրդավարութիւնը, ո՞ւր են մարդու իրաւունքները՝ երբ ասում էք՝ մենք Ադրբեջանին խնդրել ենք վերացնել շրջափակումը, բայց նա չի վերացնում, այդ պարագային ինչի՞ համար էք պահում միջազգային դատարանը, ո՞ւմ է պէտք միջազգային դատարանը, դուք ո՞վ էք ընդհանրապէս, ինչի՞ համար էք աշխատավարձ ստանում, ի՞նչ էք անում որպէս Եւրոպա, որպէս ժողովրդավարութեան բեւեռ: Եւրոպան դրանով խայտառակ եղաւ, որովհետեւ այլեւս ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքների մասին չենք կարող խօսել: Ուքրաինայի համար իրենց պատռում են, բայց մեզ կարող են սպանել, վերացնել, միեւնոյնն է, որովհետեւ իրենք ունեն ինչ-որ նպատակներ: Այստեղ 120 հազար մարդ կ՚ապրի՞, թէ՞ կը մորթուի, Բորէլի ու նրա նմանների հոգսը չէ”,– յայտարարած է Արցախի նախագահի խորհրդականը։
Ինչ կը վերաբերի Խոսէփ Պորէլի յայտարարութեան, թէ Փաշինեան՝ Արցախը յստակօրէն Ադրբեջանի մաս ճանչցած Հայաստանի առաջին ղեկավարն է, Բաբայեան յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետին այդ յայտարարութիւնը նախ պէտք է իրաւական ձեւակերպում ստանայ։ “Յայտարարութիւնը պէտք է ստորագրուի Հայաստանի ղեկավարի կողմից, Ազգային ժողովի բաց քուէարկութեան ընթացքին, որպէսզի ժողովուրդը իմանայ ո՞վ է այդ պատմական որոշումին թեր կամ դէմ քուէարկողը, ժողովուրդը պէտք է իր կարծիքը արտայայտի, միայն յայտարարութիւններով չէ, որ յետոյ էլ կանգնի ասի՝ գիտէ՞ք, դուք լաւ չէք հասկացել”։