Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – 170 ընտրեալներ Ֆրանսայէն կը պահանջեն փրկել Արցախը

Յունիս 12-ին, «Ֆիկառօ»-ի մէջ հրատարակուած կոչով մը հանրապետական (LR) աւելի քան 170 խորհրդարանականներ եւ ընտրեալներ՝ Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լառշէի գլխաւորութեամբ, Ֆրանսայի կառավարութենէն եւ նախագահ Մաքրոնէն կը պահանջեն միջազգային համայնքին պարտադրել «բացարձակ երաշխիք», որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն բացառուի «Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու ցեղային զտման որեւէ գործընթաց», եւ այդ նպատակով լիազօրութիւն շնորհուի «միջազգային միջնադիր ուժերու, որոնք պիտի լրացնեն ռուսական խաղաղապահ ուժերու թողած բացը»։

Կոչը ստորագրած կարեւորագոյն անուններէն են Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լառշէ, Ֆրանսայի ամենաշատ բնակութեան տէր երեք շրջաններու նախագահները՝ Վալերի Փեքրէս, Լոռան Վոքիէ եւ Զաւիէ Պերթրան, ինչպէս նաեւ Պրիւնօ Ռըթայօ եւ Օլիվիէ Մարլէ՝ համապատասխանաբար Ծերակոյտին եւ Ազգային ժողովին մէջ LR խմբակցութիւններու նախագահները։

«Մենք չենք կրնար աջակցիլ Ուքրաինային՝ ժողովրդավարութեան համար մղած պայքարին եւ վարձատրել Ազերպայճանի բռնապետական եւ յանցագործ վարչակարգը, ինչպէս որ գայթակղալից կերպով կ՚ընէ Եւրոպական Միութիւնը»,– կ՚ըսէ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ֆրանսուա Փիւփոնի, վերոնշեալ կոչին՝ Բարեկամութեան շրջանակին կողմէ որպէս լրացուցիչ ու եզրափակիչ խօսք: