Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանցիները դարձեալ կրակած են Երասխի շրջանը կառուցուող գործատան ուղղութեամբ

Յունիս 16-ի առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Երեւան եւ Պաքու զիրար կը մեղադրեն սահմանի քանի մը ուղղութիւններով կրակոցներու համար։ 

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը հաղորդեն, թէ ժամը 10-ին ազերպայճանական ուժերը տարբեր տրամաչափի զէնքերով կրակ բացած են օտար ներդրումներով Երասխի շրջանը կառուցուող գործատան ուղղութեամբ։

Իր կարգին, Պաքու կը պնդէ, թէ հայկական կողմը նախորդ գիշերը Վարդենիսէն կրակած է իրենց դիրքերուն ուղղութեամբ, մինչև լուսաբաց ալ Շուշիի շրջանի դիրքերը կրակի տակ եղած են։ 

Երեւան եւ Ստեփանակերտ այս ամէնը ապատեղեկատւութիւն կ՚որակեն։