Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երասխի ուղղութեամբ ազերական յարձակումէն ետք Ֆրանսա կոչ ըրած է պաշտպանելու խաղաղ բնակչութիւնը

Յունիս 16-ին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը՝ ափսոսանք յայտնելով վերջին երկու օրերուն հայ-ազերպայճաnական սահմանին տեղի ունեցած «զինեալ միջադէպերու», ընդ որոնց՝ Հայաստանի տարածքին՝ Երասխի մէջ քաղաքացիներու ուղղութեամբ կրակոցներու կապակցութեամբ, միաժամանակ զուսպ ըլլալու եւ խախաղ բնակչութիւնը պաշտպանելու կոչ յղելով։

«Ֆրանսա կը վերահաստատէ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի Փետրուար 22-ին կայացուցած որոշումի գործադրման եւ Բերձորի միջանցքի երթեւեկին վերականգնումին ի նպաստ իր դիրքորոշումը։ Փարիզ պատրաստ է նպաստելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման՝ ի շահ բնակչութեան»,– նշուած է Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

«ՆՅ» – Ինչպէս Ժ.-Ք. Պիւիսոն ալ թուիթով մը արդարօրէն կը մատնանշէ, Ֆրանսայի այս յայտարարութիւնը առնուազն քննադատելի է, եթէ ոչ դատապարտելի։ Արդարեւ, հոն, Ազերպայճանի գործած յարձակումները դարձած են պարզ «զինեալ միջադէպեր», եւ հասցէական ոչ մէկ պախարակում կայ ուղղուած Ազերպայճանի։ Զարգացումներուն անտեղեակ մէկը ի՞նչ եզրակացութիւն կրնայ քաղել նման յայտարարութիւններէ։