Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵԽԽՎ-ի մէջ տապալուած են Ազերպայճանի պատուիրակութեան ջանքերը եւ Բերձորի միջանցքին հարցը արձանագրուած է օրակարգի վրայ

Յունիս 19-ին, Ազերպայճանի պատուիրակութեան ջանքերը՝ խոչընդոտելու Բերձորի միջանցքի հարցին ներառումը Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ամառնային նստաշրջանի օրակարգին վրայ, տապալուած են: Լուրը կը հաղորդէ ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամ Վլատիմիր Վարդանեան:

«Ճնշող մեծամասնութեամբ ԵԽԽՎ-ն այս հարցը ընդգրկեց ընթացող նստաշրջանի օրակարգին վրայ»,– յայտնած է երեսփոխանը: 

Նիւթին շուրջ քննարկումը տեղի կ՚ունենայ Յունիս 22-ին: