Ազերպայճանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Սապինա Ալիեւա գործիք դարձած է Պաքուի իշխանութիւններուն ձեռքը՝ հակահայկական քարոզչութեան համար։
Այս անգամ անոր յանձնարարուած է պատրաստել եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն ուղարկել յատուկ զեկոյց մը՝ «Ազերպայճանցիներու նկատմամբ ատելութեան քաղաքականութեան մէջ հայ երախաներու ներգրաւման մասին»։
«Ազերպայճաներէն եւ անգլերէն լեզուներով պատրաստուած զեկոյցին մէջ ներկայացուած են տարիներէ ի վեր Հայաստանի կողմէ Ազերպայճանի դէմ իրականացուող ատելութեան քաղաքականութեան մէջ երախաները որպէս գործիք օգտագործելու, յատկապէս ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին զանոնք ռազմական գործողութիւններուն մէջ ներգրաւելու, այդ բոլորը լրատու եւ այլ աղբիւրներու մէջ հրապարակելու փաստերը»,– նշուած է հակահայկական զեկոյցին մէջ:
Մինչդեռ, տարիներէ ի վեր կը խօսուի ճիշդ հակառակ երեւոյթին՝ ազերպայճանցի երախաներու շրջանակին մէջ Հայերու նկատմամբ ատելութիւն սերմանելու մասին։ Ազերպայճանցի երախաներու մասնակցութեամբ հայատեաց քարոզչութեան մեծ վրդովում յառաջացուցած տեսանիւթը հրապարակուած էր ընկերային ցանցերու ազերպայճանցի օգտատէրերու կողմէ: