Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնը կը հաղորդէր, թէ ազերպայճանական կողմը Յունիս 23-ին դիմած է յաջորդական գրգռութեան ու յանցագործութեան՝ կրաշաղախէ պատնէշով փակելով Արցախ–Հայաստան միակ ճամբան (Բերձորի միջանցքը):
Փաստօրէն, ապօրինի անցակէտի եւ զրահակառքերու միջոցով ճամբան փակելէ ետք՝ Պաքու այժմ ցուցադրական կերպով կը գոցէր ճանապարհը՝ արգիլելով որեւէ տեղաշարժ եւ բացառութիւն չէին կազմեր Կարմիր խաչն ու խաղաղապահները:
Ի դէպ, Շաբաթ, Յունիս 24-ին կը հաղորդուէր, որ Ազերիները վերցուցած են արգելապատը։ Այն պահուն երբ թերթը մամուլին կը յանձնէինք, տակաւին յայտնի չէր, թէ ազերպայճանական կողմը ինչպիսի հանգամանքներու տակ կատարած է այդ յետքայլը։ Հաւանական է, որ տեղադրումին յաջորդ օրը իրենց կազմակերպած՝ օտար դիւանագէտներու այցը դեր խաղացած ըլլայ, բայց ոչինչ ստոյգ էր։
Յամենայն դէպս, ճամբան կրաշաղախէ պատնէշով փակելու այս արարքը անգամ մը եւս կ՚ապացուցէ Ազերպայճանի իշխանութիւններու հրէշային նպատակները՝ Արցախի ժողովուրդը ամբողջովին մեկուսացնել արտաքին աշխարհէն եւ կիրարկել բռնաճնշումներու բոլոր եղանակները, ցոյց տալով նաեւ որ բնաւ տրամադիր չէ գործադրելու ՄԱԿ–ի Միջազգային ատեանի որոշումը։