Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պայրամով մերժած է Հայաստանի՝ Արցախի հայերուն համար յատուկ երաշխիքներ ապահովելու պահանջը

Reuters լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով մերժած է Արցախ բնակող 120.000 Հայերու համար անվտանգութեան յատուկ երաշխիքներ տրամադրելու վերաբերեալ Հայաստանի պահանջը՝ խաղաղ բանակցութիւններու նոր փուլէն առաջ։ 

Նոյն գործակալութեան տուած հարցազրոյցին Պայրամով ըսած է, որ «նման երաշխիքներու կարիք չկայ, իսկ պահանջը հաւասարազօր է Ազերպայճանի գործերուն միջամտելու»։