Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ. «Հայաստանի ղեկավարները, որոնք ժամանակին կ՚ըսէին՝ “Ղարաբաղը Հայաստան է”, հիմա կը կրկնեն իմ խօսքերը՝ “Ղարաբաղը Ազերպայճան է”» 

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Յունիս 23-ին յայտարարած է, թէ խաղաղութեան բանակցութիւնները աւարտին հասցնելը այսօր պէտք է մեզի, բայց «աւելի շատ պէտք է Հայաստանին»:

Խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է ստորագրուի միջազգային իրաւունքի չափանիշերու եւ սկզբունքներու հիման վրայ։ Սոյն համաձայնագիրը պէտք է նկատի ունենայ յետպատերազմեան իրողութիւնները։ Մենք պատերազմեցանք մեր հողին  վրայ, այսօր կ՚ապրինք եւ պիտի ապրինք մեր հողին վրայ,– ըսած է Ալիեւ։

Ան աւելցուցած է, որ վերջին երկուքուկէս տարուան ընթացքին Ազերպայճան քանի մը անգամ «ստիպուած եղած է հայկական կողմին ցոյց տալ իր ուժը»:

Նախ՝ ի պատասխան անոնց ռազմական գրգռութիւններուն։ Երկրորդ՝ մենք զանոնք զգուշացուցինք, որ եթէ չյարգեն իրենց ստորագրութիւնը, ապա հետեւանքը իրենց համար ողբալի պիտի ըլլայ: Այսպէսով, տակաւին մենք զմեզ զուսպ կը պահենք: Մենք երբեք չենք աճապարեր, ատոր կարիքը չկայ։ Միջազգային հանրութիւնը արդէն Ղարաբաղը կը ճանչնայ որպէս Ազերպայճանի անբաժանելի մասը։ Մենք կրնանք սպասել: Անգամ մը եւս կը կրկնեմ՝ չենք աճապարեր: Այսօր բոլորը կը տեսնեն, որ այն ուժերը, որոնք օրին Ղարաբաղի Հայերուն համար յատուկ կարգավիճակ կը պահանջէին, արդէն բոլորովին այլ յայտարարութիւններ կ՚ընեն։ Մենք կը տեսնենք, որ Հայաստանի ղեկավարները, որոնք ժամանակին կ՚ըսէին՝ «Ղարաբաղը Հայաստան է» (Արցախը Հայաստան է), հիմա կը կրկնեն իմ խօսքերը՝ «Ղարաբաղը Ազերպայճան է»: Այսինքն՝ այս բոլորը ա՛յն քաղաքականութեան հետեւանքն է, զոր կը վարենք վերջին երկուքուկէս տարիներու ընթացքին”,նշած է Ազերպայճանի նախագահը։

Ազերպայճանի համար «Զանգեզուրի միջանցք»-ը՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմաններու կարգին

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ թուարկած է Հայաստանի հետ «մնայուն խաղաղութեան» պայմաններն ալ. Հայաստան պէտք է ճանչնայ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը, պէտք է բացուի Զանգեզուրի միջանցքը, եւ հայկական զօրքերը պէտք է քաշուին Ղարաբաղէն։

Պաքուի բռնապետը յիշեցուցած է, որ անցեալ Հոկտեմբերին Հայաստան պաշտօնապէս ճանչցած է Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը, «իսկ անցեալ ամիս նոյնիսկ նշած՝ այդ տարածքի ստոյգ մակերեսը»։ Սակայն, ըստ Ալիեւի, «այս բոլորը պէտք է թուղթի բերուին եւ Հայաստան պէտք է ստորագրէ այդ յայտարարութիւնները»։Միայն այդ պարագային Հարաւային Կովկասի մէջ կրնայ մնայուն խաղաղութիւն հաստատուիլ”,ըսած է ան։

Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, որ «ռազմավարական բարձունքներուն գտնուիլը» Ազերպայճանին կ՚ապահովէ «ռազմավարական գերազանցութիւն»։

Վերջին երկուքուկէս տարիներուն Ազերպայճան զգալիօրէն հզօրացուցած է իր բանակը։ Եթէ Հայաստան եւ անոր ետին կանգնած օտար ազգականները չեն հասկնար այս բոլոր գործօնները, ապա մեղքը իրենց վիզին,– նշած է ան։

Ալիեւ միաժամանակ շեշտած է, որ Ազերպայճան կը նախընտրէ խնդրի լուծման խաղաղ ճանապարհը եւ չ՚աճապարեր դիմելու ուժային եղանակներու։