Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Պերլինի սինակոկին մէջ Հրեաները արդէն «Իմ գեղեցիկ Շուշի»-ն կ՚երգեն

Պերլինի մէջ Ազերպայճանի դեսպան Նասիմի Աղաեւ ջանք չի խնայեր տարաբնոյթ ձեռնարկներ կազմակերպելու՝ Հրեաներն ու Գերմանացիները վստահեցնելու, որ այդ ազգերու պատմական դարաւոր բարեկամութեան վկայութիւնները «սրբօրէն» կը պահպանուին Ազերպայճանի մէջ:

Յունիս 20-ին, Պերլինի Փեսթալոցցի սինակոկին մէջ հրէական երգչախումբը՝ իրենց այլ մեղեդիներու կարգին, կատարած է ազերպայճանցի երգահան Սեյիտ Ռուսթամովի «Իմ գեղեցիկ Շուշի» երգը, զոր ունկնդրած է հոծ բազմութիւն մը։ Ազերպայճանահրէական անխախտ բարեկամութեան մասին ելոյթ ունեցած են Պերլինի մէջ Իսրայէլի դեսպանը, Եւրոպայի ու Գերմանիոյ Հրեաներու կեդրոնական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ՝ Ազերպայճանէն յատկապէս հրաւիրուած հրէական համայնքի առաջնորդներ: