«Ֆիկառօ Մակազին»-ի փոխխմբագրապետ Ժան–Քրիսթոֆ Պիւիսոն կը շարունակէ իր դիպուկ յաջորդական թուիթները, որոնք կ՚ահազանգեն Արցախի, պարբերապար նաեւ Հայաստանի դէմ ազերպայճանական յարձակողական ու անմարդկային արարքներուն մասին։
Իր վերջին երկու թուիթներուն մէջ Պիւիսոն կը գրէ.
«Օր մը, Ազերիները պիտի երթան իրենց կիրարկած շրջափակման տրամաբանութեան մինչեւ վերջը եւ պիտի փլցնեն հակարիի այդ կամուրջը, որ Հայաստանը կը կապէ Արցախին։ Այնուհետեւ, Արցախի Հայերը պիտի ունենան այլընտրանք՝ մահանալու (սովէն, ծարաւէն եւ այլն) եւ Ազերպայճանցի դառնալու միջեւ… հետեւաբար, նոյնպէս մահանալու, բայց քիչ մը աւելի ուշ»։
***
«Կարծէք զրահապատ կառքերը չէին բաւեր, Ազերիները հիւսեցին կրաղիւսէ պատեր Լաչինի միջանցքի կամուրջին վրայ, որ Հայաստանը կը կապէ Արցախին։ 120.000 Հայեր բոլորովին կտրուած են աշխարհէն։ Միջազգային միջամտութիւն մը կը դառնայ կենսական»։